2011-04-28 11:07:38

<<ՅՊԲ.ի Երանացման Առթիւ Պենետիկտոս ԺԶ.ի Մեծարանքը >> Տիտղոսով Ցուցահանդէս։


ՅՊԲ.ի Երանացման արարողութեան առթիւ, հինգշաբթի 28 ապրիլի յետ միջօրէի՝ ժամը 5.30-ին, Վատիկանի մէջ բացումը կը կատարուի ցուցահանդէսի մը <<ՅՊԲ.ի Երանացման առթիւ Պենետիկտոս ԺԶ.ի մեծարանքը >> տիտղոսով։
Ցուցահանդէսը կազմակերպուած է Վատիկանի կողմէ, աջակցութեամբ՝ Լեհաստանի Դեսպանատան եւ Լեհաստանի մշակութային նախարարութեան ։
Այս ցուցահանդէսը ունի 15 բաժին՝ ուր ցուցադրուած է Գարոլ Վոյթիուաի կեանքը եւ քահանայապետական շրջանը, սկսելով՝ մանկութենէն մինջեւ քահանայական ձեռնադրութիւնը, եպիսկոպոսական օծումը եւ Սուրբ Պետրոսի յաջորդ անուանումը։ Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէն բացումը կը կատարէ ի ներկայութեան բարձրաստիճան հոգեւորականներու եւ Լեհ Քաղաքական ներկայացուցիչներու։ Ցուցահանդէսը կարելի է այցելել 29 ապրիլէն մինչեւ 24 յուլիս։








All the contents on this site are copyrighted ©.